2014-11-12 10:24:45

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Եկեղեցին` եպիսկոպոսները, քահանաները եւ սարկաւագները''։


(Ռ.Վ. 12 նոյեմբեր 2014) Չորեքշաբթի, 12 նոյեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց սուրբ Պետրոսի հրատարակի վրայ համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալներուն որուն ընթացքին շարունակելով Եկեղեցւոյ մասին իր խորհրդածութիւնները, անդրադարձաւ եպիսկոպոսներու, քահանաներու եւ սարկաւագներու առաքելութեան մասին։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր – ըսաւ Քահանայապետը – անցեալ խորհրդածութեան ընթացքին անդրադարձանք թէ ինչպէս Տէրը կը շարունակէ հովուել իր հօտը Եպիսկոպոսներու առաքելութեան միջոցաւ, քահանաներու եւ սարկաւագներու օգնութեամբ։ Յիսուս անոնց մէջ ներկայ է եւ Սուրբ Հոգւոյն զօրութեամբ կը շարունակէ ծառայել Եկեղեցւոյ սնուցանելով անոր հաւատքը, յոյսը եւ սիրոյ վկայութիւնը։
Այսօր կ՛ուզենք հարց տալ թէ ի՞նչ կը խնդրուի Եկեղեցւոյ հովիւներէն որպէսզի կարենան իրենց սպասարկութիւնը ապրիլ արդիւնաւէտ եւ վաւերական կերպով, ըսաւ Սրբազան Հայրը ու երեք կէտերու մէջ ամփոփեց Եկեղեցւոյ հովիւներու առաքելութիւնը մեկնելով Սուրբ Պօղոսի Տիմոթէոսի ուղղած նամակներէն, որոնց մէջ առաքեալը կ՛անդրադառնայ հովիւի յատկութիւններուն ինչպէս հիւրընկալութիւնը, ժուժկալութիւնը, հեզաբարութիւն, համբերութիւնը, յուսալիութիւնը եւ սրտի բարութիւնը։ ''Այս է ամէն մէկ առաքելութեան այբբենարանը'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով թէ այս մէկը կը պահանջէ տրամադրելիութիւն հանդիպելու, ճանչնալու, երկխօսելու ու գնահատելու ու ապա յարգանքով եւ անկեղծութեամբ յարաբերութեան մէջ մտնելու եղբայրակիցներուն հետ, ապա թէ ոչ - ըսաւ Քահանայապետը - կարելի չէ հաւատալի վկայութիւն մը տալ եւ ուրախալի ծառայութիւն մատուցել։
Շարունակելով հուսկ խորհրդածութիւնը Նորին Սրբութիւնը յարեց թէ Ս. Պօղոս իր աշակերտներուն կը թելադրէ գիտակից ըլլալ թէ իրենց մէջ գտնուող հոգեւոր պարգեւը տրուած է մարգարէութեամբ եւ երիցութեան ձեռնադրութեամբ որ կը բխի յատկապէս Աստուծոյ ողորմածութենէն։ Ասոր համար հարկ է գիտակից ըլլալ թէ խելացիութեան կամ ուրիշներէ աւելի լաւ ըլլալուն համար չէ որ եպիսկոպոս, քահանայ եւ սարկաւագ դարձած են, այլ պարզապէս շնորհքի ուժով որ իրենց տրուած է Աստուածէ Իր ժողովուրդի սիրոյն ու բարիքին համար։
Ասոր համար - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը - Հովիւ մը չի կրնար ունենալ մենատիրական վերաբերմունք մը, կարծես թէ բոլոր հասարակութիւնը իր իշխանութեան եւ իր անձնական փառքին ի սպաս ըլլային։ Գիտակցութիւնը թէ ամէն ինչ շնորհք է եւ պարգեւ կ՛օգնէ հովիւներուն չիյնալու փորձութեան մէջ` ուշադրութեան կեդրոնական տեղը գրաւելու եւ իրենք իրենց վրայ վստահելու։ Վ՜այ այն եպիսկոպոսին, քահանային եւ սարկաւագին որ կը մտածէ թէ ամենագէտ է եւ թէ ինք ունի ամէն հարցի պատասխանը։
Սիրելի բարեկամներ. ըսաւ հուսկ Քահանայապետը ճառին աւարտին, երախտապարտ ըլլալու ենք Տիրոջ որ եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն եւ սարկաւագներուն անձերուն շնորհիւ կը շարունակէ առաջնորդել իր Եկեղեցին, զայն աճեցնելով սրբութեան ճանապարհին մէջ։ Միաժամանակ պէտք է շարունակենք աղօթել որպէսզի մեր հասարակութիւններուն Հովիւները միշտ աւելիով ըլլան հաղորդութեան եւ Աստուծոյ սիրոյն կենդանի պատկերներ։
Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալները ու յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, յորդորելով հետեւիլ Սուրբ Մարթինոյի օրինակին` ապրելով կեանքը որպէս պարգեւ, ամբողջովին վստահելով Փրկիչ Քրիստոսին, որ թիկունք կը կանգնի խաւար եւ դժուար պահերուն, եւ հոգեւոր եռանդի միջոցաւ հաւատքը դնելով որպէս ամուսնական կեանքի կեդրոն։








All the contents on this site are copyrighted ©.